2017-06-19 13:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 19 Յունիսի գործունէութիւնը` Հռոմի թեմի Եկեղեցական գիտաժողովի բացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 19 Յունիս 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ''Լածարիսթ'' միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը` Հայր Թոմազ Մավրիչը որմէ ետք հրաժեշտի այցելութեան առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Աթոռի մօտ  Փորթուկալի դեսպան` Տիար Անթոնիօ Տէ Ալմէյտա Ռիպէյրոյի։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա ընդունեց ''ՀԱՅԻԹԻ'' կղզիի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ 15 եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Նշենք թէ Հայիթիի կղզին 27,065 քմ քառակուսի տարածքին վրայ կ՛ապրին 11 միլիոն անհատներ,  որոնց 71,8 առ հարիւրը կաթողիկէ են­, ապա կան բողոքական եկեղեցւոյ  ու այլ հաւատալիքներու հետեւող  պատկան փոքրամասնութիւններ։

Հայիթիի կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է 2 աւագ թեմերէ եւ 8 սովորական թեմերէ։ Քրիստոնէականութիւնը Հայիթի մուտք գործած է 15-րդ դարուն Պենետիկտեան միաբանութեան քարոզութեամբ որուն յաջորդեցին Ֆրանչիսկեան, Քափփուսին, Տոմինիքեան եւ Յիսուսեան միաբանութեան միսիոնարները։ 

28 Մարտ 1860-ին ստորագրուեցաւ Հայիթի - Սուրբ Աթոռ պայմանագիրը եւ 3 Հոկտեմբեր 1861-ին հիմնուեցաւ` Փորթ Օ Փրէնս աւագ թեմը։

9-10 մարտ 1983-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն  կատարեց Հայիթի։

2010-ին Հայիթին թիրախ դարձաւ ահաւոր երկրաշարժի մը որ անհամար զոհեր ու աւերներ  պատճառեց 500 հազարէ աւելի անհատներ տնանկ թողելով։ 

22 Փետրուար 2014-ին  Հայիթացի գերապայծառ Քիպլի Լանկուանը` կարդինալ կը նշանակուի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, ու կը դառնայ հայիթացի միակ ու առաջին  ծիրանաւորը։

10 Յունուար 2015-ին, Վատիկանի մէջ կազմակերպուեցաւ խորհրդաժողով նշելու համար  Հայիթի Երկրաշարժի 5-րդ տարեդարձը։

Երկուշաբթի 19 յունիս 2017-ի երեկոյեան 7-ին­, Ֆրանչիսկոս Պապ  կը գլխաւորէ Հռոմի թեմին Եկեղեցական գիտաժողովի բացման արարողութիւնը։ Ան ինքնաշարժով Վատիկանէն կը մեկնի 18,15-ին ու 18,30 կը ժամանէ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա ուր Լատերնաի պալատի մէկ դահլիճին մէջ յատուկ հանդիպում կ՛ունենայ փախստական ու գաղթական ընտանիքներու հետ­, որոնք կը գտնուին Հռոմի Թեմի Քարիթասի խնամակալութեան տակ։ Գաղթականներու հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մուտք կը գործէ Լատերնաի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա ուր սկիզբ կու տայ Հռոմի թեմի Եկեղեցական գիտաժողովին, որուն բնաբանն է ''Միակ չի թողունք զանոնք։ Ընկերանաք ծնողներուն` անչափահաս զաւակներու կրթութեան պարտականութեան մէջ''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.